Համագործակցություն

Կ. ՊՈԼՍԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹՅԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆ

Կ. ՊՈԼՍԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹՅԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆ

  • 31 Aug 2017
  •  

    Կ.Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը հաստատուած է 1461ին։ Իսկ Պոլսոյ Հայոց տպագրութեան հետ ծանօթացումը տեղի ունեցած է շատ կանուխ, 1567 թուականին։ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ եւ մինչեւ իսկ միջոց մը ուղղակի համալիրին մէջ գոյութիւն ունեցած է տպագրութեան աշխատանք։

    Անձայնութեան երկար շրջանէ մը ետք, 2011 թուականին, հաստատուեցաւ Հրատարակչական Բաժինը, որ կը գործէ մինչեւ այսօր։ Նոյն Բաժինի ջանքերով, հաստատուած են քանի մը մատենաշարներ, որոնց գլխարկումներու ներքեւ կամ անջատ հատորներով լոյս կը տեսնեն զանազան գիրքեր Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ կամ համայնքի պատմութեան հետ առընչակից նիւթերով գիրքեր, Արմաշական հայրերու հոգեւոր-գրական ժառանգութեան նմոյշներ, Շնորհք Պատրիարքի հեղինակութիւններ, յուշամատեաններ, արարողութեան գիրքեր եւ այլն։

    Հաստատութեան թուականէն մինչեւ այսօր հրատարակած է աւելի քան քառասուն մեծ ու պզտիկ հատորներ։

     

    Կ. Պոլսի Հայոց Պատրիարքության հրատարակչական բաժնի կայքէջն է՝ http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/հրատարակութիւններ/

    shape
    book-shape